Рет қаралды 26
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ (5) Իսթանպուլ, 3-7 Յունուար 2025 Կիրակի, 5 Յունուար 2025, ժամը 15-ին: Պահը թէ՛ պատմական ու թէ՛ եղբայրական էր: Իր շքախումբով, հոգեւորական դասով եւ երկսեռ աշխարհական պատասխանատուներով՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքը՝ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան եղբայրութեան ու յարգանքի այցելութիւնը տուաւ Ն.Ա.Տ.Տ. Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքին, պաշտօնավայրին մէջ, Ֆանար, Թարապիա: Ծանօթացումի այս առաջին հանդիպումին՝ փոխանակուեցան տօնական շնորհաւորանքներ, մաղթանքներ եւ նուէրներու փոխանակումներ, որոնց աւարտին՝ հիւրասիրութենէն եւ խմբանկարէն ետք վերջ գտաւ սիրաջերմ այցը: Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025, ժամը 12.30-ին: Իր շքախումբով եւ հոգեւորական դասով՝ Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը ճաշի հիւր եղաւ Գերպծ. Massimiliano Palinuro Եպիսկոպոսին, որ Իսթանպուլի լատինածէս կաթողիկէներուն Առաքելական Կառավարիչն է: Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025, ժամը 16-ին: Իր շքախումբին, հոգեւորական դասին եւ աշխարհական վարչականներուն ընկերակցութեամբ՝ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը «քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլին»: Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025, ժամը 17.30-ին: Կալաթա-Պէյօղլու, «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցիին ժողովասրահին մէջ, մեր Ամենպտ. Եկեղեցապետը դռնփակ հանդիպում ունեցաւ հոգաբարձութիւններու ատենապետներուն հետ: