Յանկարծ փայլատակեց շատոնց արդէն ամպոտած երկինքը մեր, եւ հոն տրաքեց ատրճանակ մը... Եւ տրաքեցին ուրիշներ, տրաքեցին մէկ-մէկ, իսկ երբեմն ալ միասին, տրաքեցին հայօրէն... Եւ այսպէս տրաքումէն ծնունդ առաւ եղանակ, ծնունդ առաւ քայլերգ մը, արդարութիւն պարտադրող... Քայլերգը երգեցին կտրիճներ, քայլերքը երգեցին մարտիկներ, երգեցին յաճախ, երգեցին հաստատօրէն, իսկ երբեմն ալ յոգնութեամբ... Երգեցին զէն ի ձեռին, իսկ երբեմն ալ բանտերէն... Բայց, միշտ, մի՛շտ երգեցին, հայօրէն...
@ArEg737512 жыл бұрын
Թող այս երգը նուիրուի, այդ քայլերգին հաւատարիմ մարտիկներուն՝ ամէն կողմ, թող նուիրուի անոնց՝ ըլլան անոնք ներս, թէ դուրս, թող նուրիուի անոնց, ըլլան անոնք այսդի աշխարհ, թէ անդի, բայց... Թող նուիրուի, հայօրէն... Արեւին, կարկուտին թէ բուք բորանին, Մայթերու, փողոցի մութ անկիւններին, Կը սպասէք, կը հալածէք ու կը հարուածէք Ամէնուր, ամէն տեղ ներկայ էք դուք։