Рет қаралды 4,324
Այսօրուան Աւետարանի ընթերցումը Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծովուն վրայ քալելու մասին է։ Այս դէպքէն առաջ Տէր Յիսուս հրաշքով հինգ հազար հոգի կը կերակրէ, մարդիկ Անոր զօրութիւնը տեսնելով Անիկա թագաւոր ընել կ'ուզեն։ Բայց Յիսուս անոնց նպատակը հասկնալով դէպի լեռ կ'երթայ։
Իրիկուան աշակերտները ծովեզերք կ'իջեն ու նաւով ծովուն միւս կողմը գտնուող Կափառնայում երթալ կ'ուզեն։
Մութը կոխած է, բայց Յիսուսը դեռ չէ եկած։ Ծովը սաստիկ փչող հովու պատճառով ալեկոծ է։ Աշակերտները թի վարելով հինգ քմ կ'ընթանան, յանկարծ ծովուն վրայ քալելով իրենց մօտեցող Յիսուսը կը տեսնեն ու շատ կը վախնան: Յիսուս անոնց «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» կ'ըսէ: Այն ատեն Յիսուսը նաւուն մէջ կ'առնեն եւ իսկոյն նաւը Կափառնայում կը հասնի։ (Յովհաննէս 6։14-21)
Տէր Յիսուս բնութեան տարրերուն կ'իշխէր, ամէն ինչ Իր խօսքին կը հնազանդէր։ Յիսուս աշակերտներուն «Ով որ ինծի կը հաւատայ, այս բոլորէն աւելի մեծ գործեր պիտի ընէ» ըսած էր։(Յովհաննէս 14։12)
Ան մարդկութիւնը Իր վրայ առաւ եւ Աստուծոյ հետ միացուց։ Այնուհետեւ Աստուծոյ հետ միացած մարդու կարողութիւնը մեզի ցոյց տուաւ։
Մենք Տէր Յիսուսը յաճախ աղօթքի, առանձնութեան եւ ծոմապահութեան մէջ կը տեսնենք։ Ան մեզի Իր օրինակով կեդրոնանալու, Աստուծոյ հետ մեր եսը միացնելու ճամբան սորվեցնել կ'ուզէ։ Եթէ մենք մեր անձերուն կարենանք տիրապետել այն ատեն արտաքին աշխարհին ալ կրնանք տիրապետել։
Այսօր Առաջաւորաց Պահքի Բարեկենդանն է։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ յատուկ, տարուան առաջին պահեցողութեան շրջանը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ հաստատուած է։ Երբ Ինքը Խոր Վիրապէն ելաւ, Տրդատ թագաւորը, ազնուականները եւ ժողովուրդը մկրտելէ առաջ հինգ օրուայ պահեցողութեան շրջան մը դրաւ։
Այս նաեւ Յովնան մարգարէի
Աստուծոյ պատգամով Նինուէ քաղաքը երթալու, հեթանոս բնակիչներու քարոզելու եւ
Նինուէցիներուն ալ պահքով ու աղօթքով ապաշխարելու եւ փրկութեան հասնելու օրինակէն առնուած է։
Ուրեմն պահեցողութիւնը իր մէջը մեծ ուժ կը պարունակէ։ Այս հինգ օրուան շրջանը ազգովին ապրիլ կարելի է։ Կրնանք կենդանական սնունդներէն կամ վատ սովորութիւններէն հեռու մնալ, աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ մեր կեդրոնը գտնել եւ Աստուծոյ մէջ հաստատուիլ։
Տէրը օրհնէ ձեր բոլորը։
24 Յունուար 2021, Կիրակի