Рет қаралды 12,257
Անցեալ Չորեքշաբթի Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան 8-րդ օրը եւ Անուանակոչութեան տօնն էր։
Հրէական աւանդութեան համաձայն Յիսուս ծնունդէն ութ օր վերջ թլփատուեցաւ եւ ըստ հրեշտակի պատուէրին Իրեն "Յիսուս" անունը տրուեցաւ։ (Ղուկաս 2։21)
Թլփատութիւնը, Աստուծոյ եւ Հայր
Աբրահամի միջեւ կատարուած Հին Կտակարանի ուխտերէն մէկն էր։ Աբրահամի շառաւիղէն եկող բոլոր արու նորածինները 8֊րդ օրը կը թլփատուէին, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդին անդամակցին։
Քրիստոնեաներու համար Աստուծոյ ժողովուրդին մաս կազմելու արարողութիւնը մկրտութիւնն է։ Նոր Ուխտի զաւակները մկրտութեանբ,
Տէր Յիսուս Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան մաս կը կազմեն։ Իսկ 8-րդ օրը նոր ստեղծագործութեան թիւն է։ Հին ժամանակներուն մենք ալ երեխաները ութ օրուան կը մկրտէինք, բայց ժամանակի ընթացքին աւելի ուշ մկրտելու սկսանք։
Մեզի համար Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունը շատ կարեւոր է։ Իր մէջ մեծ զօրութիւն եւ ուժ ունի։ Ան մեզի ժառանգուած մեծագոյն արժէքներէն մէկն է։ Եթէ Տէր Յիսուսի անունը հաւատքով եւ յարգանքով գործածենք, հրաշալի հետեւանքները կրնանք տեսնել։ Բայց գիտնանք որ Տէր Յիսուսի անունը կախարդական անուն մը չէ։ Քրիստոսի անունը օգտագործելէ առաջ պէտք է որ մենք Իր կողմէ օգտագործուինք։ Անոր անունին կեդրոնանանանք եւ նուիրուինք։
Մենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունը յաճախ՝ ջուր խմելու, ճաշ ուտելու, քալելու ատեն անգամ կրնանք օգտագործել։ Ուղղաբար եկեղեցին "Յիսուսի Աղօթք" անունով զօրաւոր աղօթք մը ունի։
"Տէր Յիսուս Քրիստոս Որդի Աստուծոյ ողորմեա ինձ մեղաւորիս"
Այս աղօթքը համրիչով ըսել կարելի է։ Վանականները շարունակ աղօթելով Յիսուսի անունը իրենց միտքէն դէպի սիրտ իջեցնելու եւ սրտաբուխ աղօթելու կը չանան։
Նոր տարուան սկիզբն ենք, եթէ Աստուծոյ հետ ձեր յարաբերութիւնը մտերմացնել կը ծրագրէք, ահա՛ ձեզի լաւ առիթ մը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անուան զօրութիւնը սորվեցէ՛ք։
17 Յունուար 2021, Կիրակի